Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակման տօնի հանդիսաւոր նախատօնակի արարողութիւնը։ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան պոլսահայ սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասու անդամները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ քահանայ հայրեր։ Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ նախ կատարուեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց նախատօնակը։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքով դիմեց Ս. Ստեփանոսի բարեխօսութեան։

Նախատօնակի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ իր պատգամը ներկայ հաւատացեալներուն։ Ան բացատրեց, որ սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ կարեւոր աստիճաններէն մին է ու կը պահանջէ բարձր պատասխանատուութիւն։ Ան գնահատեց Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ բոլոր սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, որոնք բարձր զոհողութիւն յանձն առնելով, իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ միշտ ներկայ կը գտնուին արարողութիւններուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը հպարտութեան առիթ մը համարեց իր դիմաց նման գունդ մը տեսնելը եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ սարկաւագներու եւ կիսասարկաւագներու ներդրումով եկեղեցին իր առաքելութիւնը յառաջ պիտի տանի առաւել եւս յաջողութեամբ։ Քարոզի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց ներկայ սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները՝ մաղթելով ի Տեառնէ կարողութիւն իրենց ծառայութեան մէջ։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը թափօրով եկեղեցիէն դուրս առաջնորդուեցաւ՝ «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ»ի երգեցողութեամբ։

Յաւարտ արարողութեան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019