ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց թաղականները եւ շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը՝ մանաւանդ, որ անոնք շուտով ստացած էին իրենց պետական վաւերացումը։ Թաղականները, որոնք վաւերացումը ստանալէ ետք օրհնութիւն ստանալու համար փութացած էին Պատրիարքարան, Նորին Ամենապատուութեան հետ զրուցեցին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր թաղային խորհուրդի ապագայ գործունէութեան համար։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022