«ՆԷՕ-ՔԱԹԷՔԻՒՄԷՆ» ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց «Նէօ-Քաթէքիւմէն» շարժումէն Տքթ. Մարիօ Ռոկենպիւքէն եւ ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս շարժումը կը գործէ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Այցելուները փութացած էին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորելու եւ այս առթիւ տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց գործունէութիւններուն շուրջ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին՝ յառաջիկային Երուսաղէմի մէջ նախատեսուած միջեկեղեցական եպիսկոպոսաց հաւաքի մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս քաղաքավարական այցելութեան համար եւ հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020