ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Անդ­րա­նիկ Սրկ. Տե­միր­ճիօղ­լուի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ շուրջ տասն­չորս ա­միս ա­ռաջ Անդ­րա­նիկ Տե­միր­ճիօղ­լու ա­նակն­կա­լօ­րէն ան­հանգս­տա­նա­լով փո­խադ­րուած էր հի­ւան­դա­նոց։ Բժշկա­կան խտա­ցեալ խնամ­քի ներ­քեւ, մա­հա­քու­նի մէջ ան բո­լո­րեց եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը եւ ա­ւար­տին դժբախ­տա­բար պա­տա­հե­ցաւ ան­խու­սա­փե­լին։ Անդ­րա­նիկ Սրկ. Տե­միր­ճիօղ­լուն ան­ժա­մա­նակ ձե­ւով լքեց իր հա­րա­զատ­նե­րը, ըն­կեր­ներն ու բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կը։ Ե­րէ­կուան յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի Անդ­րա­նիկ Սրկ. Տե­միր­ճիօղ­լու յա­ւեր­ժու­թեան ճա­նա­պար­հը բռնէ՝ վեր­ջին ան­գամ ա­ռար­կայ դառ­նա­լով իր սի­րե­լի­նե­րու բիւր յար­գան­քին։

Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը ե­րէկ հա­մախմ­բուած էր Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր Անդ­րա­նիկ Տե­միր­ճիօղ­լուի ըն­տա­նիքն ու բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կը յու­զում­նա­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին ա­նոր բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ կուռ դամ­բա­նա­կան մը։ Ներ­կայ էին նաեւ բազ­մա­թիւ վե­ղա­րա­ւոր հայ­րեր եւ քա­հա­նա­յից դա­սէն ան­դամ­ներ։ Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ հան­գու­ցեա­լին դա­գա­ղը փո­խադ­րուե­ցաւ Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը՝ ամ­փո­փուե­լու հա­մար ըն­տա­նե­կան դամ­բա­րա­նին մէջ։

Այս տխուր առ­թիւ ան­գամ մը եւս երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք հան­գու­ցեա­լի բա­րի հոգ­ւոյն ու կը վշտակ­ցինք իր այ­րիին՝ Հիլ­տա Տե­միր­ճիօղ­լուին, զա­ւակ­նե­րուն եւ ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016