Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ նա­խա­գա­հեց Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան։ Սա Մեծ պա­հոց շրջա­նի եր­րորդ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւնն էր Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան եւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րեց Մու­րատ Կսսրկ. Իչ­լի­նալ­չա։ Ներ­կայ էին նաեւ Ա­րամ Սրկ. Պա­րո­նեան եւ ու­րա­րա­կիր Գա­րե­գին Ա­ւե­տի­քեան։ Տասն­չորս ուխ­տա­ւոր դպիր­ներ կա­տա­րե­ցին հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը լե­ցու­ցած էր Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղե­ցին, ուր օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ «Տէր ո­ղոր­մեա»ի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ եւ խա­չա­հան­գիս­տով։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը։ Տեղ­ւոյն տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ սար­քուած պահ­քի սե­ղա­նը օրհ­նեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը։ Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ո­րոնք Մեծ պա­հոց նուի­րա­կան շրջա­նին բնո­րոշ մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016