ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԻ ՉՈԼԱՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց համայնքային շրջանակներու համակրելի գործիչներէն Արի Չոլաքը։ Այս վերջինը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը չորս տարի վարելէ վերջ արդէն որոշած էր բաւ համարել։ Ուստի, այդ պաշտօնին հրաժեշտ տալու զուգահեռ՝ Արի Չոլաք փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան եւ ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ գնահատեց Արի Չոլաքի կողմէ քառամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին ծաւալուած գործուէութիւնը։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Արի Չոլաքին՝ համայնքային կեանքէ ներս նոր յանձնառութիւններու ճանապարհին։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023