ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ 8-ՐԴ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Շաբաթավերջին պոլսահայ վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած նկարչութեան մրցոյթը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Քրիստին Սալերիի հարազատներուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած համանուն հիմնարկին կողմէ ութ տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի այս մրցոյթը, որ այս տարի եւս համախմբեց մեր դպրոցներու տղաքը, որոնք ստեղծագործեցին եւ այս ստեղծագործութիւններուն արդիւնքը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի դատակազմին կողմէ։

Միջվարժարանային մրցոյթը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ։ Նախ առաջին-չորրորդ դասարանի տղաքը եւ աւելի վերջ ալ հինգերորդ-ութերորդ դասարաններու տղաքը ստեղծագործեցին այս մրցոյթին համար։ Այս դասաւորումներուն մէջ բոլոր վարժարաններէն երկուքական աշակերտ կար։ Իսկ ինն-տասներկորդ դասարաններու խմբաւորման համար մեր հինգ լիսէներէն երեքական աշակերտ մասնակցութիւն բերաւ մրցոյթին։

Բուն աշխատանքին սկսելէ առաջ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկին անունով Ռեհան Սարըպայ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ բացատրութիւններ տալով Քրիստին Սալերիի կեանքին ու գործունէութեան շուրջ։ Աւելի վերջ սկսաւ մրցոյթը։ Նախակրթարանի աշակերտներէն պահանջուեցաւ ստեղծագործել իրենց հերոսը։ Իսկ միջնակարգի եւ լիսէներու աշակերտներէն պահանջուեցաւ նկարչական աշխատանքի միջոցաւ կանխատեսումներ ընել ապագային մասին։

Մրցոյթի արդիւնքները պիտի հրապարակուին 11 մայիսին եւ դարձեալ Մխիթարեան վարժարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Դատակազմի անդամներն են՝ Իտա Գահրաման, Ժպիտ Պէրպէրեան, Ռեհան Սարըպայ, Մայտա Սարիս եւ Արթին Տեմիրճի։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019