ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՐՍԵՂ ՍԱՐԱՅԼԸԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ յայտնի գործարար եւ համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլըի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։ Ինչպէս ծանօթ է, Բարսեղ Սարայլըի կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր ինչպէս իր ընտանիքին, այնպէս ալ համայնքային շրջանակներուն մօտ։ Երէկուան յուղարկաւորութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի բոլորը իրենց վերջին յարգանքը արտայայտեն հանգուցեալին նկատմամբ եւ իրենց խոնարհումը բերեն անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արք. Մաշալեան, որ հայրաբար ցաւակցեցաւ հանգուցեալի հարազատներուն։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, բազմաթիւ վեղարաւոր հայրեր, քահանայից դասէն անդամներ։

Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը զետեղուած էր հանգուցեալին դագաղը, որու շուրջ կերոնակիր էին բազմաթիւ համայնքային գործիչներ։ Բարսեղ Սարայլըի հրաժեշտի տխուր փուլին կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, որ վեր առաւ լուսահոգիին մարդկային առաքինութիւններն ու համայնքային կեանքին բերած նպաստը։

Յուղարկաւորութեան աւարտին նորոգ հանգուցեալ Բարսեղ Սարայլըի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023