ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒԱԾ

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն հաստատած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորած ընտրական մարմնին կողմէ, անցեալ մարտի 12-ին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը։ 6 թեկնածուական խումբերու մրցակցութենէն առաւելութեան հասնելով դուրս եկած էր՝ Աքսել Թոփալեանի եւ Խաչիկ Ճանէլի կողմէ գլխաւորուած սպիտակ ցուցակը։ Ընտրական մարմինը քուէարկութեան արդիւնքը ներկայացուցած էր՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղի ղեկավարութեան։ Պաշտօնական մարմինները արդէն անհրաժեշտ քննարկումները ծաւալած են ընտրութեան արդիւնքին կապակցութեամբ եւ այդ բոլորին հիման վրայ հաստատած՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը։

Այսպէսով, նորընտիր թաղային խորհուրդը առաքելութեան կոչուած կը համարուի պաշտօնապէս՝ յառաջիկայ հնգամեայ շրջանին ստանձնելու համար Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ղեկը։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023