ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «3x3» ֆութսալի մրցաշարքը, որ ձօնուած էր Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ «Րէիս» ծածկանունով Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեան եղած էր ակումբի անմոռանալիներէն։

Մրցաշարքի աւարտական խաղը տեղի ունեցաւ երէկ. սկիզբի հարուածը կատարուեցաւ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանի կողմէ։

Շիշլի մարզակումբը այս մրցաշարքը կը կազմակերպէ մեր համայնքէն ներս համախմբման առիթ մը ստեղծելու, նաեւ ֆութսալի իր կազմին համար նոր մարզիկներու ընտրութեան հնարաւորութիւն ունենալու նպատակով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019