ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հանդիսապետեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ քարոզեց։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, ինչպէս նաեւ Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Էրճան Սրկ. Քարափէքմէզ, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Գրիգոր Սրկ. Սամուէլեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սերճ Մսըրի։

Օրուան քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնապէս անդրադարձաւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ պատմութեան՝ հաշուի առնելով, որ ան եզակի նշանակութիւն ունի մեր սրբատեղիներու շարքին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցան եկեղեցւոյ հանգուցեալ սպասաւորները, վարչայինները, բարերարները եւ հաւատացեալները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022