ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՄԱՐԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ ՎԵՐՅԻՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Մարի Տէյիրմենճեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէ ներս՝ մանաւանդ պոլսահայ կրթական համակարգին մօտ։
Երէկ առաւօտ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հանգուցեալ Մարի Տէյիրմենճեանի համար հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ։ Աւելի վերջ, կէսօրուան ժամերուն ալ, լուսահոգի կրթական մշակի Ուզունչայըրի գերեզմանատան շիրիմին վրայ մասնաւոր ոգեկոչման արարողութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ իր հարազատներուն եւ խումբ մը անմիջական բարեկամներուն, որոնք փութացած էին վերյիշել իրենց սիրեցեալը եւ աղօթել անոր յաւիտենական նենջի անդորրութեան համար։ Գերեզմանատան հոգեհանգստեան կարգը իրականացաւ՝ ձեռամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։
Մարի Տէյիրմենճեանի քառասնից լրման առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուած է Երուսաղէմի մէջ, ուր այս շրջանին կը գտնուի իր որդին՝ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։