ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿԱԼԱ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի թատերախումբին առաջին ներկայացումը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Տ. Տարօն Ա. Քհնյ. Սիրականեանի յիշատակին։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ փայլուն կալա մըն էր այս մէկը, որովհետեւ երգչախումբի թատերական կազմը երկար ընդհատումէ մը վերջ արդէն վերակենդանացուցած էր իր գործունէութիւնը եւ աշխատանքին արդիւնքը կը հրամցնէր թատերասէր հասարակութեան։
Սարօ Սիրականեանի կողմէ բեմադրուած «Թիւ 5 խելագարը» զաւեշտի առաջին ներկայացումը արձանագրեց յաջողութիւն՝ արժանանալով թաղեցի թատերասէրներու ծափահարութեան։ Ներկայ էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, գեղարուեստական այս ծրագրի հովանաւորներէն Լետա Շիրինօղլու, երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, Ֆէրիգիւղի յարակից մարմիններէն դէմքեր եւ արուեստասէրներ։
Ձեռնարկը սկսաւ Սարօ Սիրականեանի ողջոյնի խօսքով։ Աւելի վերջ ներկայացուեցաւ «Թիւ 5 խելագարը» անուն երեք արարներէ բաղկացեալ խաղը, որ խարսխուած է Միհրդատ Հայկազնի ընդօրինակութեան հիման վրայ։ Թատերախումբի անդամները յաջողեցան հանդիսատեսներուն հետ ապահովել անմիջական հաղորդակցութիւն եւ սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Դերասաններն էին. Գրիգոր Թէրզիեան, Սեւան Փիոսեան, Սարօ Սիրականեան, Սարօ Պենկլեան, Արեգ Իփէքլի, Սեւան Նիզամեան, Արթօ Նալճը, Արէտ Ունճեան, Սէրլի Ժպիտ Մայիսօղլու, Երուանդ Սեպուհեան, Սեսիլ Գահվէճիօղլու, Սէրտար Գահվէճիօղլու, Նաթալի Թուրաչ եւ Շիլա Պապայի։ Թեքնիկ պատասխանատուութիւնները ստանձնած էին Նաթան Սարաճան եւ Վարդան Թէրզիեան։
Ներկայացման աւարտին թատերախումբի անդամները Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի հետ հատեցին իրենց ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին թատերական կազմը՝ մաղթելով յարատեւութիւն։