ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԲԱՌԱԽԱՂԻ ՄՐՑՈՅԹ

Էսաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ անգ­լե­րէն բա­ռա­խա­ղի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ա­ւան­դա­կան մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կազ­մա­կե­պուե­ցաւ 11-րդ ան­գամ։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ ձեռ­նար­կը։ 12-րդ դա­սա­րա­նէն Մար­կա­րի­թա Սար­տա­րեան ամ­փոփ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ դպրո­ցէն ներս անգ­լե­րէ­նի եւ հա­յե­րէ­նի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։ Ող­ջոյ­նի խօսք մըն ալ ար­տա­սա­նեց անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Քա­թիա Շամ, որ ծա­նօ­թա­ցուց բա­ռա­խա­ղի կա­նոն­նե­րը։ Է­սաեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը գե­ղա­րուես­տա­կան կարճ յայ­տա­գիր մըն ալ պատ­րաս­տած էին այս օ­րուան հա­մար։

Մրցոյ­թը շա­րու­նա­կուե­ցաւ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան։ Ար­դիւն­քին խմբա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ դափ­նե­կիր­նե­րը հան­դի­սա­ցան Մէ­րա­մէթ­ճեան, Պէզ­ճեան եւ Է­սա­եան։ Ան­հա­տա­կան դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին ե­րեք կար­­գե­րը զբա­ղե­ցու­ցին՝ Ռի­նա Աք­պաշ (Պէզ­ճեան), Ա­լէն Նշան (Է­սաեան) եւ Լե­նա Սա­րըօղ­լու (Մէ­րա­մէթ­ճեան)։ Այս վեր­ջի­նը հան­դի­սա­ցաւ նաեւ ա­մե­նա­բարձր նիշ ա­պա­հո­ված մաս­նա­կի­ցը եւ իբր այդ ի­րեն շնոր­հ-ւե­ցաւ մաս­նա­ւոր մրցա­նակ մը։

Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017