ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գալ­ֆաեան Տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մարմ­նա­մար­զա­կան խրախ­ճանք մը, «Աս­լը Չա­քըր» մար­զա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։ Դպրո­ցի մար­զան­քի ու­սու­ցիչ Հա­քան Կիւ­նար­թա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս միջ­վար­ժա­րա­նա­յին խրախ­ճան­քը, որ 12-րդն էր իր նման­նե­րու շար­քին։ Ծրա­գի­րը ձօ­նուած էր հան­գու­ցեալ Վար­սէն Օ­րուն­ճաք­ճըէ­լի յի­շա­տա­կին։

Մարմ­նա­մար­զի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու մէջ այս խրախ­ճան­քի մաս­նա­կից­նե­րը չա­փե­ցին ի­րենց ու­ժե­րը՝ եղ­բայ­րա­կան մրցակ­ցու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ։ Եզ­րա­փա­կիչ փու­լին պար­գեւ­նե­րը յանձ­նե­ցին Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ։ Այս վեր­ջի­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը եւ Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քին ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մար­զա­կան խրախ­ճան­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017