ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի տարեվերջի հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու յայտագրին մաս կազմեցին աշակերտներու ելոյթները։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջողութեամբ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զաման, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, Պաքըրգիւղի նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Հապիպ Էօզֆուրունճու յուշանուէր մը յանձնեց Աթէշ Իւնալ Էրզէնին։
Երեկոյթի ողջ տեւողութեան սրահին մէջ տիրեց բարձր մթնոլորտ եւ տարեվերջի այս հանդիսութեան յայտագիրը եզրափակուեցաւ շնորհաւորութիւններու եւ բարեմաղթանքներու փոխանակումով։