ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՎ

Ս. Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս մասնակցեցան Բնական կեանքի պահպանութեան հիմնարկի Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթին, որու մէջ իրենց ծրագրով բարձրացան աւարտական փուլի ու դարձան երկրի երկրորդը։ Խումբը վերահսկեցին ուսուցիչներ Մուրատ Մարաշ եւ Տիքրիս Թաշքըրան։ Ծրագիրը ներկայացուցին աշակերտներէն Սիլվա Օհանեան եւ Գլոտիա Էօզտեմիր։

Հարկ է նշել, որ այս մրցոյթին բովանդակ Թուրքիայէն մասնակցած է 482 վարժարան եւ այդ մակարդակով մրցակցութեան մը արդիւնքին դպրեվանքցիները յաջողած են նուաճել երկրորդ հորիզոնականը։ Անոնց ծրագիրը կ՚առընչուի համաշխարհային բնոյթով հրատապ հարցի մը, որ կը վերաբերի պարէնի ճգնաժամին եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի շարունակականութեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022