«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։
Ուսուցչուհի Տօնարա Պէպուրեանի սաները հանդէսի ընթացքին խմբերգներով եւ բանաստեղծութիւններով փառաբանեցին Մեսրոպեան այբուբենը։ Ծրագրին մեծ ոգեւորութեամբ հետեւեցան նաեւ փոքրիկներու ծնողները, որոնք հպարտ էին՝ քանի իրենց զաւակները դարձան գրաճանաչ։ Դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան ջերմ ելոյթով մը շնորհաւորեց թէ՛ աշակերտները եւ թէ անոնց ընտանիքները։
Բաց աստի, դպրոցի մանկապարտէզի փոքրիկներուն ալ տարեվերջի հանդէսը յատկանշական էր։ Մանկապարտիզպանուհիներ Մարգրիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի եւ Անժելա Ենգոյեանի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած էր այս ձեռնարկը, որուն եւս ծրագիրը բաւական ճոխ էր։
Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Նազար-Սօնա Պինաթլը ամոլը։ Հակառակ, որ սգաւոր էին՝ Պինաթլըները փութացած էին աշակերտներուն ուրախակից ըլլալու։ Նազար Պինաթլը սրտի խօսք մը արտասանեց՝ բարձր գնահատելով դպրոցի առաքելութիւնը։ Դպրոցի հոգաբարձու Դալար Հորոզօղլու եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան Նազար Պինաթլըի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան ոգիի մասին։
Հուսկ, փոքրիկներուն յանձնուեցան վկայականներ եւ յուշանուէրներ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024