ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտները յաջորդ շաբաթավերջին վերստին պիտի համախմբուին եւ այս ուղղութեամբ կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Էսաեանցիներու օրուան աւանդութիւնը, դժբախտաբար, շուրջ չորս տարիէ ի վեր ընդհատուած էր՝ պայմանաւորուած առաւել չափով Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին տարիներու վերիվայրումներով եւ նախկին շրջանին ձեռնարկուած վիճելի քայլերով, որոնք դպրոցի եւ Էսաեանի ամբողջ ընտանիքի բնականոն ընթացքը խաթարած էին։ Այժմ, նորընտիր թաղային խորհուրդը կը ջանայ վերստին ապահովել կայունութիւնը։

Էսաեան վարժարանի նորանշանակ հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան մեզի տեղեկացուց, որ որոշած են Էսաեանցիներու օրուան ընդհատուած աւանդութիւնը վերակենդանացնել։ Դպրոցի ընթացաւարտներու հաւաքը նախատեսուած է շաբաթ, 3 յունիսին։ Ան յայտնեց, որ Էսաեանցիներու օրուան ընդհատուած տարիներու բոլոր յոբելեար շրջանաւարտները պիտի ստանան իրենց յուշանուէրները։ Շրջանաւարտները հերթական անգամ հնարաւորութիւն պիտի ունենան վարժարանի համալիրէն ներս համախմբուելու, անոր մթնոլորտը դարձեալ շնչելու եւ ի վերջոյ միասնաբար վերստին երգելու «Ողջոյն տաճար»ը։

Էսաեանցիներու օրուան կազմակերպչական աշխատանքներուն համար գործի լծուած է նաեւ յանձնախումբ մը, որու աշխատանքներուն իր նպաստը կը բերէ դպրոցի նախկին բազմամեայ ու բազմավաստակ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, որ երկար տարիներ եղած է շրջանաւարտից հաւաքի կազմակերպման մղիչ ուժը։ Յաջողութիւն կը մաղթենք։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023