ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շրջանաւարտութեան հանդէսը վերջին օրերուն առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցէն հրաժեշտ առած արամեանցիները Գատըգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներու գուրգուրանքին առարկայ դարձան։ Հանդէսին ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ալեքս Մալխասօղլուի եւ Աքսել Հիլքաթի։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր թէ՛ զանազան ելոյթներ եւ թէ բաժիններ, որոնք կը ցոլացնէին շրջանաւարտներու դպրոցէն ներս անցուցած ժամանակաշրջանի վերյիշումը։ Ընթացաւարտներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան դասարանի ուսուցչուհի Փելին Կիւնտողտու եւ տնօրէնուհի Թանլին Պէրպէրօղլու։ Ընթացաւարտներու ծնողներու անունով ալ արտայայտուեցաւ Ռիթա Ելէկէն։
Տղաքը ստացան իրենց վկայականները եւ յուշանուէրներ՝ մինչ յաջողագոյններուն համար նախատեսուած էին նաեւ պարգեւներ։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։