ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԼԵՒՈՆ ԿՍՐԿ. ՔԻՐԷՄԻՏՃԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Լեւոն Կիսասարկաւագ Քիրէմիտճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ծանօթ է, որ մեր եկեղեցւոյ այս համակրելի ու վաստակաշատ սպասաւորին անժամանակ մահը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներուն մօտ։ Այս մթնոլորտին մէջ բոլորը փութացած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել հանգուցեալին նկատմամբ ու բերել իրենց խոնարհումը անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ, նաեւ վշտակցիլ իր հարազատներուն։
Մեր հոգեւորականաց դասը գրեթէ ամբողջական կազմով ներկայ եղաւ արարողութեան, գլխաւորութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականաց դասուն կողմէ եւս կային մասնակիցներ։
Փառաշուք արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ կուռ դամբանական մըն ալ խօսելով վեր առաւ հանգուցեալին մատուցած ծառայութիւնները։
Նման յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ բոլոր յուղարկաւորները հրաժեշտ տուին լուսահոգի Լեւոն Կիսասարկաւագ Քիրէմիտճեանին, որու մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս հանգուցեալի բարի հոգւոյն կը հայցենք յաւիտենական հանգիստ ու կը վշտակցինք իր ընտանիքին։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024