ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՅ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Վարդավառի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ բացառիկ ոգեւորութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։

Գնալըի բարձունքին եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ տօնական հրճուանքը շարունակուեցաւ աւանդական խրախճանքով՝ Վարդավառի բնորոշ ջուրերու սրսկման դրուագներով զուգորդուած։ Մասնաւորապէս եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած երիտասարդութիւնը տօնական այս աւանդութեան խանդավառութիւնը ըմբոշխնեց լիուլի՝ մինչ հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը միշտ ուրախակից էր բոլորին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022