ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պայծառակերպութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ։ Պոլսահայ հաւատացեալներու ուշադրութիւնը աւանդաբար այս եկեղեցւոյ վրայ կը կեդրոնանայ Վարդավառի տօնին՝ մինչ ան այս տարի հիմնադրութեան 470-ամեակը կը նշէ։
Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան մատոյց օրուան Ս. Պատարագը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Արարողութեան հետեւեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց ներկայութեամբ վերակենդանացան Սկիւտարի հայութեան երբեմնի փառաւոր աւանդութիւնները։ Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Երէկուան արարողութիւնները առիթ դարձան, որ թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թէ Սկիւտարի մէջ համախմբուած հաւատացեալները բարձր գնահատանքի եւ զօրակցութեան առարկայ դարձնեն ատենապետ Նուրհան Էնկինի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը՝ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին։