ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը այս տա­րի եւս Գնա­լը կղզիի մէջ ճատ­րա­կի մրցա­շարք մը կազ­մա­կեր­պեց ի յի­շա­տակ վա­ղա­մե­ռիկ Ա­լեքս Տաղ­լըեա­նի, որ ա­կում­բի մար­զիկ­նե­րէն էր։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կայա­նին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ամ­րան մրցա­շար­քը, ո­րու պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ։ Սար­վէն Չաք­մա­քի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քի եզ­րա­փա­կիչ ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ վե­ղա­մե­ռիկ Ա­լեքս Տաղ­լըեա­նի հայ­րը՝ Ա­րիֆ Տաղ­լըեան։ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի ճատ­րա­կի մար­զիչ­նե­րէն Ռու­բէն Ա­սա­տու­րօղ­լուն ալ հե­տե­ւե­ցաւ մրցա­շար­քին։ Ի­րա­ւա­րա­րի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած էին Ա­ւե­տիս Չաք­մաք, Ա­րաս Թո­կաչ, Պե­քիր Եո­րուլ­մազ եւ Ահ­մէտ Սէր­տա­րօղ­լու։ Եր­կու դա­սաւո­րում­նե­րու մէջ կա­տա­րուե­ցաւ մրցա­շար­քը՝ վար­պետ­ներ եւ բաց։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ընթաց­քին Ա­րիֆ Տաղ­լըեա­նի ա­ռըն­թեր պար­գեւ­նե­րը յանձ­նե­ցին Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ, Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կալ­նե­րէն Խա­չիկ Ճա­նէլ, Շիշլի մար­զա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րէն Ա­րեգ Տո­լար եւ Զա­րեհ Գա­րա­գաշ, ինչ­պէս նաեւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ճատ­րակի ու­սու­ցիչ Ա­րաս Թո­կաչ։

Վար­պետ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ դափ­նե­կիր հան­դի­սացան՝ Ա­րի Քի­րէ­միտ­ճեան, Ար­սէն Տէ­մի­րօղ­լու, Ա­լէն Նալ­պան­տեան, Լե­ւոն Չաղ­լա, Ճու­լիա Այ­սէ­լի եւ Սե­ւատա Խա­չիկ Տէ­միր­ճի։

Բաց դա­սա­ւոր­ման դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Գա­մէր Եըլտըզ­լը, Ա­րէս Չե­քէմ, Աք­սէլ Փու­լաշ, Թա­ւիդ Իւ­կէ եւ Ար­թուն Էօզ­պիւլ­պիւլ։

Տա­րի­քա­յին դա­սա­ւո­րում­նե­րուն մէջ եօթ տա­րե­կան­ներու դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Ժան Սո­մէր, Ռա­ֆա­յէլ Մըխճեան եւ Ա­րատ Տո­լար։

Ութ տա­րե­կան­նե­րու դափ­նե­կիր­նե­րը հան­դի­սա­ցան՝ Փառէն Մե­ծա­տուր, Ա­րաս Ներ­կիզ եւ Ա­լեքս Գո­վան։

Ինն տա­րե­կան­նե­րու դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Շանթ Կիւլսիւն, Լո­ռին Իւ­կէ եւ Ա­րա Ճա­նէլ։

Տա­սը տա­րե­կան­նե­րու դափ­նե­կիր­ներն էին՝ Ա­րաս Փեքման, Քե­ւըն Թե­մել­լի եւ Մա­նուկ Շանթ Տի­քի­ճի։

Տասն­մէկ տա­րե­կան­նե­րու դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Ար­թուն Էօզ­պիւլ­պիւլ, Տի­րան Մա­մի­կո­նեան եւ Մի­րա Եի­ղի­թէր։

Տաս­ներ­կու տա­րե­կան­նե­րու դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Դաւիթ Իւ­կէ, Լու­քաս Մըխ­ճը եւ Տա­նիէլ Թե­մել­լի։

Տասն­չորս տա­րե­կան­նե­րու դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Աք­սէլ Փու­լաշ, Մա­սիս Գա­րա եւ Վար­դան Մա­մի­կո­նեան։

Տաս­նութ տա­րե­կան­նե­րու դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Գա­մէր Եըլ­տըզ­լը, Ա­րէս Չե­քէմ, Ա­ռէն Տէ­միր­ճի։

Բաց աս­տի, շիշ­լի­ցի­նե­րը կը պատ­րաս­տուին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու «Artinternational» մի­ջազ­գա­յին գե­ղա­րուես­տի փա­ռա­տօ­նին։ Այս ծրա­գի­րը կը վե­րահս­կէ ա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րէն Սե­ւան Գը­լը­ճեան։ Ամ­րան շրջա­նին ա­կում­բի դա­սըն­թացք­նե­րուն հե­տե­ւած փոք­րիկ­նե­րը միշտ խրա­խու­սուած են գե­ղա­րուես­տա­կան շար­ժում­նե­րու հե­տե­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, այս շա­բա­թա­վեր­ջին Գնա­լը կղզիի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Շիշ­լիի ամ­րան դա­սըն­թացք­նե­րու եզ­րա­փա­կիչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015