«ՄԵՆՔ ԵՐԳ ԵՆՔ» ԾՐԱԳԻՐԸ ՄԷԿ ՏԱՐԵԿԱՆ

Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու հերթականը։ Այս անգամ բեմ բարձրացան «փոփ» եւ «ռաք» երաժշտութեան հակումով տաղանդաւոր երիտասարդներ։ Սոյն հանդիսութիւնը առանձնայատուկ էր, որովհետեւ զուգադիպած էր ծրագրի հաստատման առաջին տարեդարձին։

Երեկոյթին ներկայ էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որու կողքին էին Սեւան Աթաօղլու եւ Արի Հերկել։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած երիտասարդներու ծնողները, վարչայիններ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներ։

Հանդիսութեան սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սեւան Աթաօղլու եւ ուրախութիւն յայտնեց ծրագրի իրականացման առթիւ։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին՝ հովանաւորութեան ու օրհնութեան համար, ինչպէս նաեւ հայր սուրբին՝ ծրագրի կազմակերպութեան համար։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց համերգի իրականացման մէջ նիւթապէս եւ բարոյապէս իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր հաստատութիւններուն ու անհատներուն։ Աթաօղլու մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Յակոբ Մամիկոնեանին եւ Արի Հերկելին՝ որպէս երաժշտութեան խորհրդատուներ։

Հանդիսութեան ընթացքին կարգաւ բեմ բարձրացան «Պակաս», «Սոլանում» եւ «Տը Սթրենճըրս» երիտասարդական երաժշտական խումբերը, որոնք հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն երգերով։ Անոնք անցեալ տարի եւս բեմ բարձրացած էին Գնալը կղզիի մէջ, նոյն ծրագրի շրջագիծով։ Երիտասարդներու մօտաւորապէս երկու ժամուան ելոյթին ընթացքին մեծապէս ոգեւորուեցան յատկապէս իրենց տարեկիցները, որոնք պարերով ընկերացան խումբերու ներկայացումներուն։

Երեք խումբերու ելոյթներէն յետոյ, բեմ բարձրացաւ «Ոմանք» խումբը։ Այս պահուն եւս ներկաներ ժողովորդական երգերուն միացան պարերով. բան մը, որ ունկնդիրներուն բարձր տրամադրութեան արդիւնքն էր։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2023