ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԵՆՔ ԵՐԳ ԵՆՔ» ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ ամրան շրջանին Իշխանաց կղզիներուն մէջ գործադրուած «Մենք երգ ենք» ծրագրին մասնակից պատանի ու երիտասարդ երաժիշտները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, սոյն ծրագրի համակարգող Սեւան Աթաօղլու եւ երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան։

Հայր սուրբի, Սեւան Աթաօղլուի եւ Յակոբ Մամիկոնեանի յաջորդական արտայայտութիւններէն վերջ, Պատրիարքարանի դահլիճի դաշնամուրով դասական երաժշտութեան կատարումներով հանդէս եկան՝ Արիս Տողանայ, Պարէտ Չաղլըչուպուքճու եւ Շանթ Էսմէր։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, որ ամրան ամիսներուն մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ եւ համախմբեց մեր համայնքի պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտները։

Դահլիճէն վերջ, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ, բոլորը համախմբուեցան Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի արձանին շուրջ, ուր երգեցին իր յօրինած Տէրունական աղօթքը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2023