Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ԱՐԷՏ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ՇԱՀԵԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ
ՍԷՎ հիմնարկը վերջերս ստեղծած է «Երիտասարդներու հետ ձեռք ձեռքի» կոչուած յանձնախումբ մը։ Այս վերջինը անցեալ շաբաթ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ ասուլիս մը կազմակերպեց գրող Արէտ Վարդանեանի հետ։ Սա նորաստեղծ յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած առաջին գործունէութիւնն էր։ Արէտ Վարդանեան հաւաքոյթի ընթացքին խօսեցաւ ապագայի ասպարէզներուն վերաբերեալ։ Երեկոյթի աւարտին իրեն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018