ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընակալեց Ասորի եկեղեցւոյ Հոլանտայի առաջնորդ ու պատրիարքական փոխանորդ Փոլիքարփուս Այտըն Մետրապոլիտը։ Ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Պատրիարքարանի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Հիւր մետրապոլիտը եւ ընկերակիցները այս շրջանին հիւրաբար կը գտնուին քաղաքիս մէջ ու փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Նորին Ամենապատուութեան։

Հիւր մետրապոլիտի ընկերակիցներէն էր Մարթէ Վիսսէր, որ արհեստավարժ լուսանկարիչ մըն է եւ իր նկարահանած զանազան նիւթերու շուրջ դրուագներով ալպոմներ հրատարակած է Հոլանտայի մէջ։ Այս ամբողջին մաս կը կազմեն հոգեւոր նիւթերը եւ ան կը պատրաստէ կրօնական տարազներու վերաբերեալ լուսանկարչական գիրք մը։ Սոյն պատրաստութիւններուն մէջ ան առիթն ունեցած է նկարահանել զանազան հոգեւոր առաջնորդներ եւ օգտուելով Պոլիս այցելութենէն՝ փափաքած է նկարահանել նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ջերմ զրոյցի ընթացքին հիւր մետրապոլիտը եւս արտայայտուեցաւ լուսանկարչի ծաւալած գործունէութեան մասին։ Ան առիթն ունեցած էր նաեւ մասնակցելու՝ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած յունաց պատրիարքի գահակալութեան յոբելենական արարողութիւններուն։ Օգտուելով այցելութեան առիթէն՝ ան փափաքած էր ծանօթանալ քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Այս մտադրութիւնը իրեն հնարաւորութիւն ընձեռեց, որպէսզի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ տեղեկութիւններ լսէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։

Հուսկ, երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները ողջագուրուելով հրաժեշտ առին իրարմէ։

Միւս կողմէ, նոյնպէս շաբաթավերջին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ «Հայ մենթի-մենթէօր» ծրագրի անդամներուն հետ։ Երիտասարդները Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ համախմբուեցան Նորին Ամենապատուութեան հայրական հովանիին ներքեւ։ Ծրագրի վարիչներուն առընթեր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին ներկայ էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Համավարակի պայմաններուն ներքեւ, առ ի զգուշութիւն հանդիպումը նախատեսուած էր սահմանափակ անդամներու մասնակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021