ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան մշակութային հարստութիւնները պահպանելու բաժնի վարիչ Մահիր Փոլատ ու ընկերակիցները, հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հիւրերը յայտնեցին, թէ Իսթանպուլի քաղաքապետութեան երդիքին տակ հիմնուած էր «Հաւատքներու սեղան» մը եւ քաղաքապետութիւնը կը փափաքէր, որ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ ալ մաս կազմէին այս սեղանին, որպէսզի երկխօսութիւնը աւելի զարգանար ու քաղաքապետութիւնը կարենար ծառայութիւն մատուցանելու առիթը ունենար։ 

Նորին սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Գնահատեց նաեւ սոյն մերձեցումը՝ յօգուտ համայնքներու եւ յանուն հաւասարութեան սկզբունքի։ Նորին սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Տեղապահ սրբազան հօր տնօրինութեամբ սոյն սեղանին առժամեայ անդամ նշանակուեցաւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019