ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ապ­րուե­ցաւ Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի Ս. Ծննդեան հրճուան­քը։ Ա­նա­րատ Յղու­թեան մատ­րան մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ Ճրա­գա­լոյ­ցի Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի։ Ներ­կայ էր նաեւ Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին  Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան եւ Պա­րէտ Կսսրկ. Պա­լըք­ճըօղ­լու։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մխի­թար երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ Լեռ­նա Աք­պու­լու­թի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ս. Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի տղա­քը մսու­րին մօտ հան­դէս ե­կան Ս. Ծննդեան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։ Դպրո­ցի մա­նուկ­նե­րը խմբերգ­ներ ալ ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին բնո­րոշ մե­ղե­դի­նե­րով։

Պար­տէ­զին մէջ ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած էին նաեւ տօ­նա­կան օ­րե­րու յա­տուկ զար­դեր եւ ի­րե­ղէն­ներ։

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015