ԱՆԽԱԽՏ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը։ Այսպէս, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր գործակից ընկերները Գումգաբու փութացին շնորհաւորելու համար Նորին Ամենապատուութիւնը, որուն յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։

Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին հոգաբարձութեան անդամները հերթական անգամ հաւաստիացուցին, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ բարձր գնահատեց հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ արտայայտուած զօրակցութեան ոգին։ Արդարեւ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը՝ որպէս մեր համայնքի խոշորագոյն հաստատութիւնը, միշտ զգալի դարձուցած է իր բարոյական ու նիւթական նեցուկը Պատրիարքական Աթոռին համար։ Ան մաղթեց, թէ ընտրութիւնը օրհնաբեր ըլլայ համայնքի բոլոր հաստատութիւններուն, նաեւ մերազն ժողովուրդին համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019