ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Ս. Ստեփանոսի տօնը առիթ կը հանդիսանայ, որ համախմբուին մեր սարկաւագաց դասու անդամները, կիսասարկաւագներով հանդերձ։ Ուրեմն, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ այս տարուան հանդիսաւոր հաւաքը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց՝ բնաբան ունենալով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի վերջին խօսքերը. «Տէր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս»։

Ժամերգութեան արարողութենէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ։ Այս առթիւ յանուն քահանայիս դասուն արտայայտուեցաւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Սարկաւագաց դասուն կողմէ մեներգով մը հանդէս եկաւ Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան։ Կիսասարկաւագներուն անունով արտայայտուեցաւ Գարեգին Կսրկ. Պարսամեան։ Աթոռի վեղարաւորներուն անունով խօսեցաւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Հրատարակչութեան բաժնի պետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան հանդէս գալով յիշեց անունները այն սարկաւագներուն ու կիսասարկաւագներուն, որոնք առողջական պատճառներով ակամայ բացակայեցան երէկուան հաւաքէն։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ հրաժեշտի փուլին բոլորին նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի 2022 թուականի օրացոյցները՝ այժմէն շնորհաւորելով Ամանորն ու Ս. Ծնունդը։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2021