ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան նո­րըն­տիր վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն հետ։ Միու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան մեր կրթա­կան մշակ­նե­րուն մա­տու­ցուե­լիք ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թեր։ Հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն ի նպաստ առ­նուե­ցան կարգ մը ո­րո­շում­ներ, ո­րոնց ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի հրա­պա­րա­կուին յա­ռա­ջի­կա­յին։

Լու­սան­կա­րին մէջ կ՚ե­րե­ւին Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան եւ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը։ 

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018