ՀՐԴԵՀԷՆ ՎԵՐՋ ՄՈԽԻՐՆԵՐ

Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ նախընթաց օր ծագած հրդեհին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տխուր պատահարը մեծ ցաւ պատճառած է բոլորին՝ մանաւանդ, որ խլած է երկու զոհ։ Ցաւալի դէպքէն վերջ արդէն պատահածին սարսափելի բնոյթը կը ցոլացնեն՝ հրոյ ճարակ դարձած կացարանի դրուագները։ Պատմական այս շէնքը, որու վերանորոգութիւնը կը նախատեսուէր, հիմա արդէն ա՛լ աւելի վատ վիճակի մը մէջ է, նաեւ ամայացած։

Ըստ համայնքային շրջանակներու երէկուան լսումներուն, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հրշէջ գունդի համապատասխան բաժանմունքը երէկ տակաւին չէր պատրաստած անհրաժեշտ տեղեկագիրը, որով սկզբնական տպաւորութիւն մը կազմել հնարաւոր կրնայ ըլլալ հրդեհի պատճառներուն մասին։ Յամենայնդէպս, շրջանառութեան մէջ են անպաշտօն լուրեր, ըստ որոնց, բոցերը բռնկած են կացարանի խոհանոցէն։

Այժմ կը սպասուի այս դէպքին վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդումներուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023