Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ե­րէկ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր հա­մախմ­բուած էր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գե­ղա­հիւս քա­րոզ մը խօ­սե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներն ալ մաս­նակ­ցե­ցան հո­գեզ­մայլ եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած ուխ­տա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուած Կէ­տիկ­փա­շա­յի ե­կե­ղե­ցին կար­ծես ապ­րած ըլ­լար ան­ցեա­լի իր փառ­քի շրջա­նի փայ­լուն օ­րե­րէն մին։

Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ խա­չա­հան­գիստ։ Ջրօրհ­նէ­քէն վերջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին, մինչ ար­ձակ­ման հանգ­րուա­նին բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ստա­ցան Նո­րին Սրբազ­նու­թեան օրհ­նու­թիւն­նե­րը։  

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016