ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Ազգային մեծ ժողովի նորընտիր նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփին։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ մատնանշեց, որ խորհրդարանը ազգային կեանքի խորհրդանշանը կը համարուի ու երկրի միասնականութեան կոթողը։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, որ Ազգային մեծ ժողովի նորընտիր նախագահը պիտի աշխատի երկրի հասարակութեան բոլոր խաւերուն՝ հաւասար ու անխտիր ծառայութիւն մատուցելու սկզբունքով։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Մուսթաֆա Շենթոփին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղած է յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական ժողովին ու մեր ամբողջ համայնքին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019