ՕՇԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այս առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վանքին մէջ ստացաւ վարդապետական գաւազան։ Անցեալ շաբաթ ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յաջողութեամբ պաշտպանած էր իր վարդապետական թեզը։

Թէեւ գաւազանի տուչութեան արարողութիւնը նախատեսուած էր շաբաթավերջին, սակայն, վերջին պահուն կարգադրութեան փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ այդ մէկը տեղափոխուեցաւ այս առտուան։

Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդենք վաղուան թիւով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024