ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարք մը։ Աւանդական ծրագիր մըն է այս մէկը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 15-րդ անգամ։ Այս առաւօտ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սկսաւ մրցաշարքը, որու կազմակերպչական պատասխանատուն է Սայաթ Թուղլաճը։ Մրցումներու իրաւարարներն են՝ Հաքան Էօզկիւր, Ֆաթիհ Եիւքսէլ եւ Պուրհան Տեմիրճի։

Մրցաշարքի հանդիսաւոր բացման ներկայ էին Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ Տղաքը ընդհանուր կանոններուն շուրջ տեղեկութիւններ ստացան եւ սկսան մրցումներուն։

Այսօր իսկ, երեկոյեան ժամերուն այս մրցաշարքը կը հասնի իր աւարտին։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019