ՄԵԾ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Իսթանպուլահայ գեղարուեստասէրները դարձեալ կ՚ապրին երազային օրեր եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն Հինգշաբթի օրուան մեծ ժամադրութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս քաղաքիս մէջ է Հայաստանի Պարի պետական համոյթը, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալուի Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին կողմէ։ Ինչպէս արդէն յայտարարուած է, այս Հինգշաբթի, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ, Հարպիէ, Հայաստանի Պարի պետական համոյթը եւ «Մարալ»ը հանդէս պիտի գան համատեղ ելոյթով մը։ Այս ձեռնարկը ունի արտասովոր նշանակութիւն եւ միջոցէ մը ի վեր արդէն խանդավառութիւն ստեղծած է մեր գեղարուեստասէր հասարակութեան մօտ։ Ծրագրին հովանաւորն է յայտնի համայնքային բարերար Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը։
Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Հայաստանի Պարի պետական համոյթը ժամանեց Իսթանպուլ։ Օրուան տեւողութեան խումբը հանգստացաւ իր իջեւանած պանդոկին մէջ, իսկ երեկոյեան «Մարալ»ի ընտանիքը համոյթի անդամները պատուեց բարի գալստեան ընթրիքով մը։ Վոսփորի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։ Պարի պետականի անդամները ջերմօրէն շրջապատուեցան «Մարալ»ի ընտանիքի պատասխանատուներուն կողմէ։ Բացի Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլէն, ընթրիքին հրաւիրուածներու շարքին էին համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ այլք։
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան ընթրիքի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց՝ Հայաստանի Պարի պետական համոյթի անդամներուն ուղղեալ։ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Հայաստանի Պարի պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Էրիք Չանչուրեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Համոյթի նուագախումբի ղեկավար Հայկ Գրիգորեանն ալ յայտնեց շնորհակալութիւն եւ մեներգեց ընթրիքի ընթացքին։
Հաւաքոյթի տեւողութեան ճաշասեղանի շուրջ համախմբուած համոյթի անդամները պարեցին, նուագեցին՝ ստեղծելով ջերմ ու ոգեւոր մթնոլորտ։
Հայաստանի Պարի պետական համոյթը այսօր ազատ ժամանակ կ՚անցընէ Իսթանպուլի մէջ, նախատեսուած է շրջագայութիւն մը՝ քաղաքի պատմամշակութային տեսարժան վայրերու ծանօթացման համար։ Երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Տերվիշ Էրօղլու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ նախատեսուած է Հայաստանի Պարի պետական համոյթի եւ «Մարալ»ի համատեղ փորձը։