ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏ ՀԱԶԻՆԷՏԱՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՄԻԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուց իր միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քը։ Ծա­նօթ է, որ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար շուրջ տա­րի մը ա­ռաջ ընտ­րուած էր քա­ղա­քա­պետ եւ այդ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մօտ իր գոր­ծի գլուխ գա­լով սկսած էր նոր շրջան մը։ Իր նոր մտայ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցած էր նաեւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ դրսե­ւո­րում­ներ, ո­րով­հե­տեւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ար­դէն սկսած է շատ ա­ւե­լի սերտ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ գտնուիլ երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հետ, նե­րա­ռեալ թրքա­հայ հա­մայն­քը։

Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար իր միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քը ամ­փո­փեց Չը­րա­ղա­նի «Four Seasons» պան­դո­կին մէջ ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը։ Քա­ղա­քա­պե­տը եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը, որ­պէս մեծ խումբ մը, ներ­կա­յա­ցան հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն եւ բարձր մա­կար­դա­կով պատ­րաս­տուած պար­քո­վի­զիո­նի մը ցու­ցադ­րու­թեան զու­գա­հեռ անդ­րա­դար­ձան ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րուն։

Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ­-ա­կան շրջա­նակ­նե­րէն դէմ­քեր եւ այլ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն դէմ­քեր։ Հրա­ւի­րեալ­նե­րու շար­քին էին նաեւ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ եւ Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­յա­զատ Կա­զէ­րօղ­լու։ Ներ­կայ էր նաեւ ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Սե­լի­նա Տո­ղան։ Քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ջերմ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տուաւ, իր կող­քին ու­նե­նա­լով խորհր­դա­կան­նե­րէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուն։

Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար իր ե­լոյ­թէն վերջ պա­տաս­խա­նեց նաեւ ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, նաեւ զրու­ցեց քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին հետ։

Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեամբ, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։

 

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015