ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ հան­դէս մը։ Տղա­քը այս առ­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ար­տա­դա­սա­ժա­մա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին տա­րած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը։ Հարկ է նշել, որ ա­ռա­ջին ան­գամ տա­րուան ըն­թաց­քին ա­նոնք մար­զա­կան, գե­ղա­րուես­տա­կան կամ ձե­ռա­գոր­ծի ծրագ­րե­րու հե­տե­ւած էին վե­րահս­կո­ղու­թեամբ Ա­րեւ Կա­րեա­նի, Էօզ­կէ Գահ­վէ­ճիի եւ Սեր­քան Շա­հի­նի։

Ե­րէ­կուան հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Դպրո­ցի սրա­հին մէջ ներ­կա­յա­ցուե­ցան մար­զա­կան կամ բե­մա­րուես­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ Շէն­քին մէջ բա­ցուած էր նաեւ ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր ներ­կա­յա­ցուած էին տղոց ձե­ռա­կերտ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լոր ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին փոք­րիկ­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016