ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որուն կ՚ընկերանար ծխական խորհուրդի անդամներէն Վոլքան Արատ։ Վարիչները տեղեկութիւն տուին յանուն եկեղեցւոյ պայծառութեան իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներու մասին։ Անոնք յատկապէս խնդրեցին, որ ամիսը անգամ մը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուի Ս. Պատարագ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման նպատակով ծխական խորհուրդի եւ պաշտօնական մարմիններու միջեւ կատարուած տեսակցութեանց մասին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց վարիչներուն եւ խոստացաւ կարելին ի գործ դնել, որպէսզի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ ամիսը անգամ մը Ս. Պատարագ մատուցուի։ Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց եւ ի մասնաւորի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման համար իրենց տարած աշխատանքներուն կապակցութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024