ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Ս. Խաչ դպրե­վան­քի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը ե­րէկ ի­րի­կուն կա­յա­ցաւ վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ։ Խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը կը տի­րէր Սկիւ­տա­րի բար­ձուն­քին. հան­դէ­սը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տուած էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Դպրե­վան­քի ա­ռաս­պե­լա­նուն նախ­կին տնօ­րէն Հայկ Նշան, հին ու նոր դպրե­վանք­ցի­ներ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նե­լու վար­ժա­րա­նի նոր հունձ­քը։

Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ու­րա­խա­կից ե­ղան Դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան ու իր լծա­կից ըն­կեր­նե­րը, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վա­րու­ժան Պուլ­կան, տնօ­րէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան եւ յա­րա­կից մար­մին­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Հան­դի­սա­վար­ներն էին Տա­նիե­լա Պա­քըր­ճըօղ­լու եւ Ար­սէն Տէ­մի­րօղ­լու։ Սրտի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Հայ­րը Սուր­բը, Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան, Թո­րոս Ալ­ճան, Թո­րոս Ա­բիկ, Հայկ Նշան եւ յա­նուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ալ՝ Լե­թի­սիա Ա­զաք եւ Ա­նոյշ Տէ­միր­ճի։ Վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցած էր Կի­զէմ Քազ, որ ստա­ցաւ նաեւ «Սա­րայ­լը» մրցա­նա­կը։ Երկ­րորդ եւ եր­րորդ դար­ձած էին Ա­ռէն Գօշ եւ Հիլ­տա Թա­շեան, ո­րոնք նոյն­պէս, այլ ա­շա­կերտ­նե­րու կար­գին, պար­գե­ւատ­րուե­ցան։

Յու­զիչ էր կար­կան­դա­կի պա­հը, ո­րու շուրջ բո­լո­րուած ա­շա­կերտ­նե­րը մին­չեւ ուշ ե­րե­կոյ զուար­ճա­ցան։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015