ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Տղոց ու­րա­խու­թեան խնդակ­ցե­լու փու­թա­ցած էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­մի­րի, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տքթ. Ա­րէտ Քա­րա­պու­լութ, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու, նա­խակր­թու­թեան բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ, ու­սուց­չաց կազ­մը, յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ծնող­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ։ Օ­րուան հան­դի­սա­վարն էր Սի­րուն Էօզ­չե­լիք։ Այս առ­թիւ ի­րենց սրտի խօս­քե­րը ար­տա­սա­նե­ցին Սրբա­զան Հայ­րը, Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու, Ա­րէտ Քա­րա­պու­լութ, շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն Քրիս­տին Պահ­շի­շօղ­լու, Քնար Շահ­րի­կօղ­լու եւ Սա­րէն Թո­մա­քեան, ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ծնող­նե­րու ա­նու­նով՝ Մայ­տա Եոն­թան։ Վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջի­նը հանդի­սա­ցած էր Սա­րէն Թո­մա­քեան, որ ստա­ցաւ նաեւ «Սա­րայ­լը» մրցա­նա­կը, երկ­րորդ եւ եր­րորդ հան­դի­սա­ցած էին Քրիս­տին Պահ­շի­շօղ­լու եւ Գա­մէր Ներ­կիզ ու Լա­զա­րին Տօ­նիկ։ Այս եւ միւս ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց պար­գեւ­ներն ու նուէր­նե­րը ստա­ցան հիւ­րե­րու եւ վար­ժա­րա­նի վա­րիչ­նե­րու ձե­ռամբ։ Ա­պա Սա­րէն Թո­մա­քեան կոճ­ղին վրայ ամ­րա­ցուց Սա­հա­կեա­նի հա­մար ա­ւան­դա­կան դար­ձած իր ա­նու­նը։ Հուսկ բեմ ա­ռաւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի երգ­չա­խում­բը, որ եր­գեց վար­ժա­րա­նին քայ­լեր­գը՝ Ա­նի­թա Քուր­տօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ։  Յա­ւարտ հան­դի­սու­թեան սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015