ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԴՌՆԵՐԸ ԼԱՅՆ ԲԱՑԱԾ Է՝ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կզղիի Կազդուրման կայանի գործունէութիւնը այս տարի եւս կը շարունակուի անխափան։ Այս կիրակի արդէն տեղի պիտի ունենայ Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման աւանդական արարողութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները նախատեսուած են՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ։

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեանը, անդամներէն Բարսեղ Ճանճիկեանը եւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուն։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի մանրամասն բացատրութիւններ տուին կայանի ներկայ կացութեան շուրջ։ Ներկայիս ամրան եռուզեռը արդէն սկսած է Գնալըի բարձունքին։ Շուրջ իննսուն աշակերտ կը գտնուի կայանին մէջ։ Ըստ վերջին տարիներուն հաստատուած նախընթացին՝ այս տարի եւս տղաքը խումբ առ խումբ պիտի հիւրընկալուին Կազդուրման կայանէն ներս՝ յստակ սահմանուած ժամկէտով։ Թէ՛ կայանի ղեկավարութիւնը, թէ՛ մասնագիտական անձնակազմը եւ թէ պաշտօնէութիւնը ամբողջութեամբ պատրաստ են փոքրիկները հիւրընկալելու։ Անոնց նպատակն է՝ ապահովել մեր ժողովուրդի համեստ խաւերէ պատանիներուն համար հաճելի ամրան արձակուրդ մը։ Համայնքային գրեթէ բոլոր վարժարաններէ կայանի տնօրէնութիւնը դիմումներ ստացած է՝ աշակերտներ ուղարկելու համար։

Դարձեալ վերջին տարիներուն հաստատուած նախընթացներուն հիման վրայ՝ կայանի պատասխանատուները կը փափաքին շփում ապահովել կղզեբնակ մեր ընտանիքներու զաւակներուն եւ Կազդուրման կայանի սաներուն միջեւ։ Այսպէսով սերունդները կը գիրկընդխառնուին եւ նոր սերունդի տղաքը ջերմ յարաբերութիւններ կը մշակեն իրարու միջեւ։

Այս եղանակին եւս Կազդուրման կայանէն ներս նախատեսուած են ընկերամշակութային բազմակողմանի գործունէութիւններ։ Մարզական, երաժշտական, լեզուական, գեղարուեստական եւ այլ ճիւղերու մէջ տղաքը պիտի յագեցնեն իրենց հետաքրքրութիւնը։ Բոլորովին սիրող հիմունքով ուղեցոյց-ուսուցիչներ պիտի վերահսկեն այդ ծրագրերուն ընթացքը։ Կայանի պատասխանատուները համոզուած են, որ սաներուն համար լաւ արձակուրդ մը ապահովել կը նշանակէ՝ զուարճանքն ու նպատակասլաց, օգտակար ժամանցը համատեղել։ Այդ համադրութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ զուարճանքի կողքին սաներուն համար տպաւորութիւնները բազմապատկող գործօն մը կրնայ դառնալ ստեղծագործական միասնական աշխատանքի միջավայրը։

Կազդուրման կայանի սաները այս տարի մասնակցութիւն կը բերեն կղզիի վրայ նախատեսուած ֆութպոլի մրցաշարքի մը, որ կազմակերպուած է ի յիշատակ անմոռանալի մորթաբան հոգելոյս Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի։ «Իքորուս» եւ «Փրոքնէ» խումբերը ամրան տեւողութեան համերգներով հանդէս պիտի գան Կազդուրման կայանէն ներս։

«Արփի» թատերախումբն ալ ներկայացում մը պիտի սարքէ կայանի սաներուն համար։ Ի լրումն այս բոլորին, 26 յուլիսին Կազդուրման կայանի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ միջվարժարանային հայերէն բառախաղը, որ վերջին տարիներուն կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան եւ մեծ խանդավառութեան առիթ կը դառնայ։

Կազդուրման կայանը թէեւ թրքահայ իրականութեան մէջ եզակի առաքելութիւնով հաստատութիւն մըն է, սակայն, դժբախտաբար, իր ծաւալած գործունէութեան կարեւորութեան համապատասխան նիւթական մնայուն միոցներ չունի։ Ուստի, կայանի պատասխանատուները այս տարի եւս կ՚ապաւինին մեր համայնքին, մասնաւորապէս կղզեբնակ ժողովուրդի աջակցութեան՝ որպէսզի Գնալըի բարձունքին մանկավարժական նշանակութեամբ կարեւոր գործը շարունակուի։ Արդարեւ, կայանի գոյութիւնը շատ կարեւոր նախադրեալ մըն է՝ մերօրեայ նոր սերունդները ապագային այս համայնքի ծոցին մէջ պահելու տեսակէտէ։ Այս առաւօտեան մեր զրոյցին ընթացքին Կազդուրման կայանի պատասխանատուներն ալ ընդգծեցին, որ կ՚ապաւինին մեր ժողովուրդի զօրակցութեան՝ Կազդուրման կայանի գործունէութիւնը կայուն հունի մը մէջ պահելու համար։

Բարի արձակուրդ կը մաղթենք Կազդուրման կայանի սիրեցեալ սաներուն եւ յաջողութիւն՝ բոլոր պատասխանատուներուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018