ԼՈՒՍԻՆ ԵՆԻԵՈՐԿԱՆ ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԸՆԹԱՑՔ ՈՒՆԻ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդէն Լուսին Ենիեորկան ծափահարելի ընթացք մը ունի նկարչութեան մէջ։ Լուսին Ենիեորկան, որ կը յաճախէ «Փիէռ Լոթի» ֆրանսական վարժարանը, փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է նկարչութեան եւ հետեւողական յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ այս մարզէն ներս։ Թէ՛ իր բնատուր ձիրքերով եւ թէ ընտանիքի խրախուսանքով, նաեւ յամառ աշխատանքով ան կ՚ընթանայ ապագային յաջող նկարչուհի մը դառնալու ճանապարհով։

Լուսին Ենիեորկան վերջերս մասնակցած է իր դպրոցէն ներս կազմակերպուած նկարչութեան մրցոյթի մը՝ «Նկարներս ու գոյներու համերաշխութիւն» խորագրին ներքեւ։ Ան հանդիսացած է այս մրցոյթի առաջինը՝ պարգեւատրուելով մետայլով մը։ Այս յաջողութեան առթիւ իրեն նուիրուած է նաեւ գծագրութեան կազմածներու յատուկ տուփ մը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Լուսին Ենիեորկանը, որուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք նկարչութեան ոլորտէն ներս։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները իր համայն ընտանիքին։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021