ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տաղաւարի Ս. Պատարագ։
Նոյն առթիւ, Նորին Ամենապատուութեան կարգադրութեամբ Տիարպաքըր մեկնեցաւ գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Եուսուֆ Թապաշեան եւ այլ դպիրներ։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան խօսեցաւ խրատական մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Պայծառակերպութեան դէպքին ու տօնի խորհուրդին։
Ներկայ էին նաեւ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Այըքի, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։
Տէր հայրն ու ընկերակիցները նոյն գիշերն իսկ վերադարձան Իսթանպուլ։