ԼԻԼԻԹ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ
«Եւ եկաւ Յովհաննէսը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի հեղինակը՝ Լիլիթ Մովսիսեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ քաղաքս կը գտնուի, ջերմօրէն կը հիւրընկալուի համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Պոլիսէն հասած մեծանուն խնբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ արտադրուած յոբելենական ժապաւէն մըն է այս մէկը։ Լիլիթ Մովսիսեան, որ տակաւին համալսարանական մըն է, բացառիկ յաջողութեամբ ներկայացուցած է մեծ երաժիշտի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան միշտ պոլսահայութեան ուշադրութեան առարկայ է, Լիլիթ Մովսիսեանի արտադրած ժապաւէնին ալ բաժին հասած է այդ հետաքրքրութենէն։ Պոլսահայ մշակութային կեանքի նուիրեալներէն Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով քաղաքիս մէջ կազմակերպուած է Լիլիթ Մովսիսեանի հեղինակած ֆիլմի ցուցադրութիւնը։ Ծրագիրը կը հովանաւորուի Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Լիլիթ Մովսիսեան պոլսահայութեան հիւրն է՝ ընկերակցութեամբ իր հօր՝ Հայկ Մովսիսեանի, որ ամբողջական եռանդով կը խրախուսէ դստեր գործունէութիւնը։
Նկատի ունենալով, որ ամրան շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի սիրտը Գնալը կղզիի վրայ կը տրոփէ՝ Լիլիթ Մովսիսեանն ալ նոյն միջավայրին մէջ կը հիւրընկալուի՝ ուղեկցութեամբ Սեւան Աթաօղլուի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ հիւրընկալեց Լիլիթ Մովսիսեանը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց երիտասարդ արուեստագիտուհիին կողմէ տարուած նախանձախնդիր աշխատանքը ու վստահութիւն յայտնեց, թէ «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնը կը նախանշէ անոր ապագայ յաջողութեան ուղին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի դրուածքին եւ այս ամբողջէն ներս Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան ու դերակատարութեան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեանին առթիւ արտադրուած ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի իր ծննդավայրին մէջ եւ այս նախաձեռնութիւնը պոլսահայ մշակութային կեանքին տեսակէտէ եզակի իրադարձութիւն մը կը համարուի։
Հանդիպման ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Սեւան Աթաօղլու եւ յայտնի համայնքային գործիչ Նազար Պինաթլը։
Բաց աստի, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանն ու գործակից ընկերներն ալ երէկ երեկոյեան հիւրընկալեցին Լիլիթ Մովսիսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները գնահատեցին Լիլիթ Մովսիսեանի մտայղացումը եւ Սեւան Աթաօղլուի նախաձեռնութիւնը, որոնց շնորհիւ պոլսահայ արուեստասէրներն ալ հնարաւորութիւն պիտի ունենան հաղորդ դառնալու «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» փաստավաւերագրական ժապաւէնին։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024