ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԳՈՐԾԵԼԱՈՃ

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բը ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղով մը գու­մա­րեց Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, այս ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ կը գլխա­ւո­րէ VADİP-ի դի­ւա­նը, հար­թա­կի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լը, Մա­սիս Եոն­թա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ վար­ժա­րան­ներ հո­վա­նա­ւո­րող մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ա­տե­նա­պետ­նե­րը կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Ժո­ղո­վը սկսաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ա­ղօթ­քով եւ ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, Յա­րու­թիւն Շան­լը, Մա­սիս Եոն­թան եւ միւս ժո­ղո­վա­կան­նե­րը այս ընդ­լայ­նուած կազ­մով խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, մա­նա­ւանդ վար­ժա­րան­նե­րու պա­րա­գա­յին ա­ւե­լի թա­փա­նիկ գոր­ծե­լաոճ մը հաս­տատե­լու շուրջ։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք կը նա­խա­տե­սեն յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին նոր դրու­թիւն մը հաս­տա­տել՝ մեր կա­ռոյց­նե­րու նիւ­թա­կան կար­գա­պա­հու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը մատ­նան­շե­ցին, թէ այս­պէ­սով մեր բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րու պա­րա­գա­յին նոր սկիզբ մը դրուած պի­տի ըլ­լայ, եւ մեկ­նար­կա­յին քայլ մը պի­տի առ­նուի ա­նոնց կա­րիք­նե­րը ա­ւե­լի հա­մա­կար­գուած ձե­ւով դի­մագ­րա­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ կարգ մը ծնող­նե­րու կող­մէ դրսե­ւո­րուած ան­տար­բե­րու­թեան ու մա­նա­ւանդ բա­ւա­րար մի­ջոց­ներ ու­նե­նա­լով հան­դերձ մեր վար­ժա­րան­նե­րէն զլա­ցուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու խնդրին, որ ա­ռաջ­նա­հերթ հիմ­նախն­դիր մը կը հա­մա­րուի մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ մեր շարք մը վար­ժա­րան­նե­րու միաց­ման խնդի­րը, ինչ որ պիւտ­ճէ­նե­րու խնա­յո­ղու­թեան մը գե­տին կրնայ պատ­րաս­տել։ Ժո­ղովա­կան­նե­րը մատ­նան­շե­ցին, թէ այս ուղ­ղու­թեամբ սկսած բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը կը մնան կի­սա­ւարտ, ո­րով­հե­տեւ վար­չա­յին­նե­րը քիչ մըն ալ հասկ­նա­լի զգա­ցա­կան պատ­ճառ­նե­րով չեն փա­փա­քիր տուեալ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րենց պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին ընդ­հա­տու­մը։

Այս ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան մամ­լոյ պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նով մըն ալ յանձ­նուե­ցան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ու­շադ­րու­թեան։ Այս­պէս, հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն պիւտ­ճէ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի յանձ­նուին VADİP-ի ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի քննարկ­ման։ Այս յանձ­նա­խում­բը այդ պիւտ­ճէ­նե­րը վա­ւե­րաց­նե­լէ վերջ զա­նոնք պի­տի յղէ նաեւ Պատ­րիարքա­րան։ Պիւտ­ճէ­նե­րու Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ ալ վա­ւե­րա­ցու­մէն վերջ տուեալ վար­ժա­րա­նի  կամ հաս­տա­տու­թեան պա­րա­գա­յին պի­տի ճշդուի սի­րոյ սե­ղան կազ­մա­կեր­պե­լու թուա­կա­նը եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը միայն այդ պա­րա­գա­յին պի­տի ըն­դու­նի հո­վա­նա­ւո­րել այդ հան­գա­նա­կու­թիւ­նը։ Այ­լա­պէս Պատրիար­քա­րա­նը զերծ պի­տի մնայ սի­րոյ սե­ղա­նի հա­մար թուա­կան մը սահ­մա­նե­լէ եւ իր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը տա­լէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015