ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԱՐԻՆ ԲԵՐԴ» ՊԱՐԱՅԻՆ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԻՆ ՔԱՂԱՔԷՍ

Հայաստանէն «Արին բերդ» պարային համոյթը, որ վերջին օրերուն այցելեց Իսթանպուլ, այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ «Արին բերդ» պարախումբը Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ հանդէս եկաւ բացառիկ երեկոյթով մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Համոյթը բեմ առաւ նաեւ անցեալ շաբաթավերջի «Գնալը կղզիի համերգներ» խորագրեալ ծրագրին մէջ։ Պարախումբը մասնակցութիւն բերաւ նաեւ այլ ծրագրերու՝ միշտ դրական տպաւորութիւն գործելով հանդիսատեսներուն վրայ։

«Արին բերդ»ի տղաքը Իսթանպուլի իրենց կեցութեան օրերուն իջեւանեցան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ, ուր երէկ երեկոյեան անոնց համար տեղի ունեցաւ հրաժեշտի խրախճանք մը։ Աւելի քան մէկ շաբթուան ընթացքին քաղաքիս մէջ ձեռք բերուած բարեկամութիւններու եւ ջերմ ընդունելութեան մթնոլորտին զուգահեռ՝ երէկուան հրաժեշտի երեկոյթին ընթացքին ապրուեցան յուզումնախառն պահեր։

«Արին բերդ»ի տղաքը Գնալը կղզիի մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ «Պոլիսֆոթօ» լուսանկարչական գործակալութեան հիմնադիր ու տնօրէն Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ այս վերջնոյն բնակարանը ունի պարտէզ մը, այդ հիւրասիրութիւնը անցաւ դաշտահանդէսի մը մթնոլորտին մէջ։ Մկրտիչ եւ Ժանէթ Արծիւեան ամոլը, նաեւ իրենց զաւակները՝ Արթուն եւ Կարօտ շատ ջերմ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպեցին բոլոր հիւրերուն համար։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2019